2012-12-27 11:58:42

Հաւատոյ Տարի` Ռատիովատիկանի Հաղորդումներու Տնօրէն Հայր Անտրէա Գոբրովսքիի Խորհրդածութիւնը


2013 տարին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հռչակուած է Հաւատոյ Տարի։ Այս առթիւ Ռատիովատիկանի հաղորդումներու տնօրէնը` Հայր Անտրէա Գոբրովսքի խորհրդածութիւն մը կատարած է որուն մէջ մատնանշած` նոր տարուայ իրավիճակին մասին որ ''բարդ ու անորոշ'' կը ներկայանայ. թէեւ կան նաեւ վերանորոգ զօրակցութեան նշաններ, որոնք կ՛օժանդակեն ապագայի ընթերութեան կերտումին յառաջացնելով հաղորդութեան զգացումներ։ Հայր Գոբորվսքին կը մէջբերէ Պենետկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի մէկ խօսքը ուր Նորին Սրբութիւն կը հարցադրէ '' մենք ժամանակ ու տեղ ունի՞նք Աստուծոյ համար'' ու ասկէ մեկնելով իր խորհրդածութիւնը կը հիմնէ երեք նութերու վրայ։ Առաջին Մկրտութեան ու դրոշմի խորհուրդներու կարեւորութիւնը։ Երկրորդ Մարդու արժանապատութիւն եւ Աստուծոյ սէրը եւ երրորդ` կապը, ողորմութեան ու արդարութեան միջեւ ։
Հայր Գոբրովսքին իր խորհրդածութիւնը կ՛եզրափակէ անդրադառնալով Վատիկանի մէջ վերջերս գումարուած Նոր աւետարանութեան մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որ եղաւ առիթ մը ''հասկնալու ու ճանչնալու ասիական ցամաքամասի սրբութեան տեսութիւնը, որ կապուած է ապրելակերպի մը` արմատացած այն համոզումին, ուր մարդկային տկարութիւնն ու դիւրաբեկութիւնը համատեղ կ՛ապրին Յարուցեալ Քրիստոսի զօրութեան հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.